2013-02-23 13:11:51

Շուրջ 50 Քրիստոնեայ Եւթոպացիներ Ձեռփակալուած Սաուտ Արաբիոյ Մէջ` Առանձնական Տան Մէջ Աղօթք Կատարելու Համար։


Քարիւղի Տամման քաղաքին մէջ Սաուտեան իշխանութիւնները հրահանգած են ձեռփակալել 53 քրիստոնեայ եիթոպացիներ, որոնցմէ 46 կիներ։
''Անոնց յանձագործութիւնը միատեղ հաւաքուիլ եւ աղօթք կատարել է առանձնական տան մը մէջ'', հաղորդագրած է Նիւեորքի աւետարանական գործակալութիւնը։
Սաուտ Արաբեան կանոնաւորապէս կ'ոտնակոխէ կրօնական ազատութիւնը։ Անիկա աշխարհի եկրորդ երկիրն է հիւսիսային Քուրիայէն ետք ուր քրիստոնեաները ամենէն աւելի հալածուած հաւատացեալներն են։ Անցեալ Ծնունդին օրը ձեռփակալուած են այլ ուրիշ 42 քրիստոնեաներ։ Կրօնական ոստիկանութիւնը ունի որպէս պաշտօն յարգել տալ երկրի կրօնական օրէնքը եւ կ'աշխատի Սաուտ Արաբիոյ հողին վրայ ջնջել Աւետարանի, վարդարանի եւ ոչ մահմետական ամէն կրօնքի հայող ներկայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.